Դաւանանք

Դաւանանք

Պէյրութի Հայ Աւետ. Հոգեւոր Եղբայրութեան Եկեղեցւոյ
Դաւանանքը
 Սուրբ Երորդութիւնը կայացած է Հօրն եւ Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիէն , ըլլալով մէկ Աստուած երեք տարբեր անձնաւորութիւններով .
 Սուրբ Գիրքը Կենդանի Աստուծոյ Շունջն է , որ Աստուծոյ սուրբ մարդիկը բառացի եւ կատարեալ օրէն ներշնցուեցան Սուրբ Հոգիէն , անյայտ բայց ունենլաով բացարձակ հեղինակութիւն մարդ արարածի հոգեւոր եւ ընկերային կեանքին մէջ .
 Մարդ արարծը Աստուծոյ ձեռագործն է .
 Երկինք , թէ վիճակ եւ թէ ալ վայր , ուր Սուրբ Երորդութեան բնակաւայրն է . Նաեւ սուրբ հրեշտակներու եւ փրկուածներու յաւիտենական բնակաւայրը .
 Հրեշտակներ՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած՝ երկնային մարմիններով հոգեւոր Էակներ են եւ սպասաւորող հոգիներ հաւատացեալներուն .
 Սատանան գոյութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է եւ իշխան այս չար աշխարհի .
 Դժոխք յաւիտենական է ,գոյութիւն ունի ինչպէս երկինք , յաւիտենական տանջանքի վայր սատանային , իր հրեշտակներուն եւ դարձի չեկող մեղաւորներուն .
 Մարդ արարածը Աստուծոյ ձեռագործն է եւ անոր պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծուած . Մարմինը հող է շինուած , բայց հոգին Կենդանի Աստուծմէ .
 Մեղքը սկսաւ սատանայէն . Մարդ արարած հպատակեցաւ սատանային , մեղանչեց եւ առաջին մարդու միջոցաւ մեղքը աշխարհ մտաւ . Մեղքը պատճար եղաւ որ մարդ արարած զրկուի շնորհքէ , դիրքէ , կեանքէ եւ ամենակարեւորը Աստուծմէ .


 Յիսուս ծնած կոյս Մարիամէն , թափեց Իր Սուրբ Արիւն խաչին վրայ մարդկութեան մեղքերուն համար , Ֆիզիքապէս մեռելներէն յարութիւն առաւ , երկինք համբառցաւ , եւ Հօրը աջին բազմեցաւ . Եւ Ինք հիմա մեղաւորներուն համար միջնորդութիւն կ'ընէ եւ հաւատացեալներուն բարեխօսութիւն .
 Քաւութիւնը եղաւ որ բոլոր աշխարհ փրկուի , եւ միայն Յիսուս Քրիստոս ինք , մեր մեղքերուն համար զոհուելով , այդ մէկ բանը իրականացուց .
 Արդարացում մեղքերէ , պարգեւ մըն է որ կը տրուի միայն վերստին ծնունդով եւ հաւատալով Քրիստոսի կատարած սուրբ առաքելութեան .
 Մկրտութիւն , Սուրբ Հոգիով լեցուիլ եւ անարատ կեանք ապրիլ Աստուածային պահանջք մըն է , նոյն ատեն ունենալ առանձնաշնորհում եւ բարոյական պարտաւորութիւն եկեղեցիին հանդէպ .
 Եկեղեցին , ամբողջովին տարբեր է Հրեայ եւ այլազգի բաժանումներէն , այլ է Մարմինն ու Հարս Յիսուսի Քրիստոսի .
 Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եկեղեցիին յոյսն է . Քրիստոսով ննջածներ առաջ յարութիւն պիտի առնեն , յետոյ ողջ հաւտացեալներ կը փոխուին ու վեր կ'առնուին . Անկէ , 7 տարուայ նեղութեան շրջանէ մը ետք մնացողներուն համար , Տէր Յիսուս Իր բիւրաւոր սուրբերով պիտի իջնէ , Սատանան կապելու , եւ իր հազարամեայ Թագաւորութիւնը հիմնելու երկրի վրայ .
 Վերջին դատաստան . Հազարամեայէն ետք , Սատանան կարճ Ժամանակի մը համար պիտի քակուի . Ընդհանուր յարութիւն պիտի ըլլայ , դատաստան պիտի ըլլայ ամբարիշտ մեռելներուն . Ուր չապաշխարող մեղաւորները պիտի ձգուին կրկաի լիճին մէջ , եւ հաւատացեալները պիտի վայլեն յաւիտենական երջանկութիւնը :